12.04.2025|
21:29
Պատերազմը ահաւոր ու սարսափելի բան է: Մէկ կողմէ կը պատճառէ մահ ու կոտորած, բայց նաեւ` վախ եւ ընկճուածութիւն: Շարժապատկերի վրայ պատերազմական ժապաւէններ դիտելը կրնայ դիւրին թուիլ, բայց պատերազմի մէջ ապրիլը ուրիշ բան է: Այս ուրիշ բանին մէջ պէտք է իսկապէս ապրիլ եւ տեսնել կեանքի ողբերգութիւնները: Սիրելիներու եւ ծանօթ-անծանօթներու մահը: Անշնչացած դիակներ` սփռուած հոս ու հոն, տակաւին` անհետ կորսուածներ: Տուներու եւ շէնքերու քանդումներ եւ գետնայարկերու տակ ապաստանարաններու մէջ ապահով թաքստոց մը փնտռելու մղձաւանջ: Այս ապաստանարաններուն մէջ ստեղծուած քաոսային վիճակ, արդարեւ, շնչահեղձ ըլլալու աստիճան կողք կողքի կծկուածներ` դրացի թէ ոչ, որոնց հետ ստիպուած ես անցընել իւրաքանչիւր վայրկեանը: Այս վայրկեաններուն պիտի հաշուես իւրաքանչիւր հրթիռ եւ ռումբ, որ կը պայթի, եւ որուն պիտի յաջորդեն քանդումները եւ փշրտոցներն ու անոնց ձայներուն ահաւորութիւնը: Չեն ուշանար վլվլուկները եւ հարցումները. «Արդեօք որո՞ւ տունը քանդուեցաւ»: